2009-04-04 12:58:58

Վատիկանեան տեղեկութիւններ`

Սրբազան Քահանայապետը կը վաւերացնէ սուրբերու դատի ներկայացուցած Աստուծոյ 10 ծառաներու երանացումը,


ճանչնալով՝ անոնց հերոսական առաքինութիւններն ու կատարած հրաշքները։ Աստուծոյ 10 ծառաներու մէջ կան 2 իտալացի, 2 ֆրանսացի, մէկ մեքսիքասի մը, փերուվիացի մը, սպանացի մը, գերմանացի մը եւ աւստրիացի մը։



Շուրջ երեք հազար չափահաս ֆրանսացիներ Մկրտութեան Ս. խորհուրդը պիտի ընդունին Զատկի ճրագալոյցին օրը ։

ֆրանսայի եկեղեցին կը հաղորդէ թէ ՜՜Աւագ Շաբաթ օրը, ճրագալոյցի պատարագին սկիզբը, ֆրանսայի մէջ, շուրջ երեք հազար չափահասներ ՜՜Մկրտութեան Ս. խորհուրդը պիտի ընդունին՝՝։



Քահանայապետական նշանակում – Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նոր առաջնորդ մը անուանեց Ուեսթմինսդեր թեմին համար, յանձին գերապայծառ Նիքոլսի, ան կը յաջորդէ կարտինալ Օ՛Գոնորի՝ որ իր հրաժարականը ներկայացուցած է, յառաջացած տարիքին բերումով։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.